«ՄԱՐԱԼ» ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին «Մարալ» համոյթը ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ՝ Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ։ Ձեռնարկը նախատեսուած է Ֆուլիայի գեղարուեստական կեդրոնի երդիքին տակ, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի առընթեր։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկացուցին նաեւ, որ «Մարալ» համոյթը յառաջիկայ ամրան ամիսներուն ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Հայաստան։ Շրջագայութիւնը ձօնուած պիտի ըլլայ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին։ Շուրջ վաթսուն հոգիէ բաղկացեալ կազմով տեղի պիտի ունենայ «Մարալ»ի այս այցելութիւնը, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ ելոյթ մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018