ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեանն ու իր ընկերները։ Թաղականներուն ուղեկցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները Գումգաբու փութացած էին 20 Մայիսի Հոգեգալստեան տօնին առթիւ հրաւիրելու նորին սըր-բազնութիւնը, որպէսզի նախագահէ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։

Նկատի ունենալով, որ Պէյօղլուի թաղականները մօտաւոր անցեալին ալ այցելած էին Պատրիարքարան՝ երէկ զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան այդ հանդիպման ժամանակ օրակարգի վրայ եկած շարք մը խնդիրներ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յիշեցուց, որ նախապէս թաղային խորհուրդէն պահանջած էր Պէյօղլուի եկեղեցապատկան կալուածոց վիճակագրութիւնը։ Թաղային խորհուրդի անդամներն ալ նշեցին, որ ձեռնարկած են սոյն ցուցակներու պատրաստութեան եւ մինչեւ 10 Մայիս անոնք պիտի ներկայացուին Պատրիարքական Աթոռին։

Հուսկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ թաղականներուն յղեց իր օրհնութիւնները, նաեւ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018