ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԵՔԻԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որու կողքին էր Տ. Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան՝ յանուն հայ կաթողիկէ համայնքին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Սուրբ Զատկի տօնին առթիւ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան առօրեայ խնդիրներու եւ ի մասնաւորի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-ամեակին առթիւ մշակելի ծրագիրներու մասին։ Հուսկ, Գերապայծառ Տէրը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրասիրութեան համար եւ հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023