ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան հեր­թա­կան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը շա­բա­թա­վեր­ջին գու­մա­րուե­ցաւ եւ ար­դիւն­քին ընտ­րուե­ցաւ նոր՝ 44-րդ շր­ջա­նի վար­չու­թիւ­նը։ Միու­թեան առ­ժա­մեայ հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին վա­ւե­րա­ցուե­ցան Նու­պար Եըլ­տը­զի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ան­ցեալ շրջա­նի վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կագ­րե­րը։ Ա­ւե­լի վերջ ընտ­րուե­ցաւ նոր վար­չու­թիւ­նը, որ յա­ռա­ջի­կայ եր­կա­մեայ շրջա­նին պի­տի ստանձ­նէ միու­թեան ղե­կը։ Հարկ է նշել, որ սերն­դա­փո­խու­թիւն մը նա­խա­տե­սուած է վար­չու­թեան պա­րա­գա­յին։ Ար­դա­րեւ, պաշ­տօ­նի կը կո­չուին ե­րի­տա­սարդ ա­նուն­ներ, ո­րոնք պի­տի վա­յե­լեն ե­րէց­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Նո­րըն­տիր վար­չու­թեան մաս կը կազ­մեն հե­տե­ւեալ­նե­րը.

Րաֆ­ֆի Քալք, Լո­ռի Տե­միր­ճի, Էք­րէմ Կէզ, Պիան­քա Սա­րըաս­լան, Հրանդ Ա­րեգ Քի­րիշ­ճեան, Այ­գուն Տա­նա­ճեան, Մկըր Քութ­լու, Նու­պար Եըլ­տըզ, Մու­րատ Քէ­յի­շօղ­լու, Մես­րոպ Քա­րա­պու­րուն, Ան­նիկ Թա­շ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016