Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գիւտ Խաչի տօնին առթիւ նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփաննոս Եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պերճ Սրկ. Երամեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Արապօղլուի։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Յաւարտ արարողութեան, ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրասիրեց Ընդհանուր Փոխանորդը։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2016