ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը՝ Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ։ Դպրոցի աշակերտներու ծնողներն ու թաղեցիներ անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ձեռնարկին նկատմամբ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, սանուց միութեան վարչութեան անունով Արլէթ Կիւնթէր եւ Գատըգիւղի ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ Տանիէլ Քոթանի հանդիսավարութեամբ։ Բացման խօսքին մէջ Տենչա Տէյիրմենճի անդրադարձաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսին, հայոց գիրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչ մատեանի հայերէն թարգմանութեան։

Օրուան յայտագրին մէջ Ե. դասարանի սաները հանդէս եկան արտասանութիւններով եւ թատերակով մը։ Աշակերտներէն Նիքոլ Սէրօսկար, Արտէն Քահվէճիօղլու եւ Լիզա Սէրճէնեան պաստառի վրայ ծանօթացուցին մեր գրականութեան զանազան երախտաշատ դէմքեր։ Կարէն Քիւրքճիւօղլուն ալ հանդէս եկաւ մեներգով մը։ Հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու պաստառի վրայ նեկայացուց, թէ ինչ է մագաղաթը՝ հաշուի առնելով, որ հայերէն առաջին Աստուածաշունչը մագաղաթի վրայ գրուած էր։ Զ. դասարանի սաներն ալ ներկայացուցին թատերակ մը եւ աշակերտներու խմբերգով ծրագիրը հասաւ աւարտին։ Հանդէսի վերջաւորութեան տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց աշակերտները եւ ուսուցիչները, որոնք ներգրաւուած էին հանդէսի ծրագրին։

Այս ձեռնարկի պատրաստութիւնները վերահսկած էին դպրոցի ուսուցչուհիներէն Շիլա Սիլէլեան, Աննա Սարըսեչկին, Մելիսա Պալչըք, Թամար Մանկասար, Եւգինէ Ինճիտիւզէն, Վերա Հեմենկիւլ, Նաժտա Տեմիրճիօղլու, Գարին Քիւքիւքօղլու եւ Էսրա Էօզալփ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017