ՍՕՍԻ ՃՆՏՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱՆ ՔԸԼԸՉՃԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Մեր համայնքէն երկու արուեստագիտուհիներ՝ Սօսի Ճնտոյեան եւ Հայկան Քըլըչճան երէկ բացին համատեղ ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Գոյներու սէրը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսին Սօսի Ճնտոյեան կը մասնակցի իր երանգաւորման, իսկ Հայկան Քըլըչճան՝ նկարչական ստեղծագործութիւններով։ Ցուցահանդէսի երէկուան բացման ընդունելութիւնը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ծանօթացաւ երկու արուեստագիտուհիներու գործերուն եւ գնահատեց անոնց աշխատանքը։

Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ ամսավերջ։ 

Ուրբաթ, Յունուար 25, 2019