ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուն, որու հետ էին իր գործակիցներէն՝ Տալիտա Եոնթան եւ Առէն Տատըրօղլու։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Ալի Էլպէյօղլու, որ տարիներէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռի շահերը կը պաշտպանէ զանազան դատական գործընթացներու մէջ, Նորին Ամենապատուութեան շնորհաւորութիւններ յղեց՝ պաշտօնի ձեռնարկման կապակցութեամբ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ մանաւանդ պատմական Սանասարեան խանի այժմու կացութեան շուրջ։ Պատրիարքական Աթոռը երկար ժամանակէ ի վեր հետամուտ է՝ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու ուղղեալ իրաւական պայքարին։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ալի Էլպէյօղլուի քաղաքավարական այցելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն՝ ուշադրութեամբ լսած ըլլալով իր կողմէ ներկայացուած մանրամասնութիւնները։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020