ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը յաւակնոտ մեկնարկ մը ըրաւ 2023-2024 եղանակին։ Շիշլիցիները, որոնք վերջին երկու տարիներուն ախոյենութիւն տօնեցին, ներկայ շաբթուան առաջին կէսին Իւրկիւփ մեկնած էին՝ նոր եղանակի սկզբնական փուլի հանդիպումներուն առթիւ։ Այս տարի Շիշլիի մարզիչն է Ճէմ Քեսքին, որ բոլորին կողմէ գնահատուեցաւ՝ առաջին խաղերու լոյսին տակ։ Այս տարուան առաջնութիւնը մեծ մրցակցութեան մը թատերաբեմը կը հանդիսանայ եւ շիշլիցիները արդէն կը տեւականացնեն իրենց յաւակնութիւնը։ Շիշլիցիները եղանակի առաջին երեք մրցումներէն երկուքի պարագային յաղթանակ տօնած են, ինչ որ կ՚ապացուցանէ, թէ ի վիճակի են այս տարի եւս արդարացնելու իրենց վրայ դրուած յոյսերը։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024