ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, Ապրիլի 24-ին, հայոց սրբադասեալ նահատակներուն համար մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները։ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընթերցեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին կողմէ 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակուած եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հասցէագրուած պատգամը։ Օրուան երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ բարեխօսութեան կարգ։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։

Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ օր-ւան իմաստին։ Իր պատգամին մէջ ան ընդգծեց, որ Ապրիլի 24-ը յիշատակման տխրահռչակ օր մըն է՝ հայ ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան համար։

Քարոզին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ այս աշխարհագրութեան վրայ ապրած բոլոր ժողովուրդները ունեցած են մեծ թերութիւն մը։ Արդարեւ, բոլորը ունին իրենց ցաւերը ու միայն սեփական ցաւերուն մասին կ՚արտայայտուին։ Իւրաքանչիւրը, որ վիրաւորուած է ծանրապէս կամ նուազ չափով, ունի իր ջարդի պատմութիւնը։ «Կրակը ուր որ իյնայ, այնտեղ կ՚այրէ», ժողովրդական ասոյթին ի շարունակութիւն՝ այսօր իւրաքանչիւրը կը պատմէ իր պատմութիւնը։ «Մեր ողբերուն ունկնդիր, մեր կորուստներուն նկատմամբ համակրական մերձեցում ցուցաբերող բարեկամ սրտեր գտնել կը փափաքինք։ Մենք ալ պէտք է լսենք ուրիշներու պատմութիւնները, հասնինք հասարակաց յայտարարներու, որոնենք գործելու միջոցը եւ ձեւը, որպէսզի նման դէպքերու յառաջացման ատակ այս աշխարհագրական շրջանէն ներս այդպիսի ցաւեր չապրուին», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ անցեալի աղէտներուն յառաջացուցած վէրքերու փորձանքէն պէտք է ուշ կամ կանուխ ձերբազատուիլ։

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ այս փառաւոր տիեզերքը ամէն օր նորանոր հնարաւորութիւններով, բոլորովին նոր հորիզոններու կը բացուի։ «Ժամանակը միայն անցեալէն ու ներկայէն չի բաղկանար։ Ապագան հազարումէկ անակնկալներով պատրաստ է անհատներն ու ազգերը օրհնելու։ Անսպասելի անկիւններէն յոյսեր կը ծնին։ Բաւ է, որ սերմը կարենայ ապրիլ։ Ան նոյնիսկ ժայռերու մէջ ճանապարհը կը գտնէ։ Տիեզերքի արդար Տէրը հարկաւ թէ հալածուածներուն համար «անապատի մէջ ճամբայ» ցոյց տալու պատրաստ է։ Իւրաքանչիւր օր կը ծնի նոր արեւածագով եւ նորանոր առիթներով։ Որպէսզի կարենանք սորվիլ, մեր ներուժին վստահիլ, լաւագոյնս գիտակցիլ մեր ունեցած արժէքներուն եւ գոհութիւն ու փառք տալ Աստուծոյ անսահման ողորմութեան փոխարէն, պարտինք անցեալի նեղութիւնները պահ մը մոռնալ։ Ահա այս իմաստութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցին 2015 թուականի Ապրիլի 24-ին, վրայէն 100 տարուան սուգի քօղը վերցնելով զայն վերածած է արժանաւորապէս նշելի սրբոց նահատակաց տօնակատարութեան», շարունակեց ան։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ այսօր պէտք է յիշել նաեւ այն գլխաւոր ճշմարտութիւնը, ըստ որու, մեր ապրած աշխարհագրական շրջանը պարտադրած է, որպէսզի բազում ժողովուրդներ կողք կողքի եւ իրարու հետ գոյատեւեն։ «Անցեալէն փոխանցուած հարցերը պէտք է ձեռք առնել այս լոյսին ներքեւ։ Բարեկամութեան կամուրջներ հաստատել, մշակութային եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնել եւ այս աշխարհագրական շրջանը բոլորին համար շահաբեր եւ օրհնալի սեղանի մը վերածել մեր բոլորին եւ ի մասնաւորի՝ քաղաքագէտներու պարտականութիւնն է։ Այս բանին այլընտրանքն է՝ բախումներով ու պատերազմներով զիրար սպաննող, աղքատանալով խոպանացած աշխարհագրութիւնը», համոզուած է ան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024