ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԸ 190 ՏԱՐԵԿԱՆ

Վաղը Համբարձման տօնն է։ Եկեղեցական մեծ նշանակութեան առընթեր, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ այս մեծ տօնը այլ իմաստ մըն ալ ունի։ Աւանդաբար Համբարձման տօնին կը նշուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այս տարի ալ Համբարձման տօնի ուրախութիւնը արդէն համակած է պոլսահայ համայնքային շրջանակները։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը արդէն 190 տարեկան է եւ կը շարունակէ պատմութեան մէջ իր ուղեւորութիւնը՝ հարուստ անցեալով եւ փայլուն ներկայով։

190-ամեակի այս յոբելեանը հերթական առիթն է՝ անդրադառնալու համար, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը հայկական սփիւռքի՝ այս տարողութեամբ միակ առողջապահական հաստատութիւնն է։ Գալով թրքահայ իրականութեան, ան մեր համայնքին տեսակէտէ լոկ հիւանդանոց մը չէ։ Ան մեր համայնքի մեծագոյն հաստատութիւնն է, վարչական գլխաւոր աշխարհական լծակը եւ այս բոլորին առընթեր, այսօր իր հասած փայլուն մակարդակով՝ մեր հաւաքական հպարտութեան կոթողը։

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը առողջապահական ծառայութիւն կը մատուցէ անխտիր բոլորին եւ այս առումով մեր համայնքին կողմէ լայն հասարակութեան վրայ բացուած հիմնական պատուհանն է՝ համակեցութեան ու փոխադարձ յարգանքի բարի կամեցողութիւնով։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը մեր համայնքի ամենահամեստ խաւերու հիմնական ապաւէնն է՝ առողջապահական եւ ընկերային կարիքներու դիմագրաւման առումով, ինչ որ անոր ձգողականութիւնը կը բարձրացնէ՝ որպէս զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան լծակ։ Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը մեր համայնքին տեսակէտէ մշակութային բնոյթով հաստատութիւն մըն է՝ իր պարբերական հրատարակութիւններով, արխիւներով ու թանգարանով, որոնք ո՛չ միայն կը պայմանաւորեն անոր առաքելութեան խորքը, այլեւ լոյս կը սփռեն ապագային վրայ։ Եւ ի վերջոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ինքնակատարելագործման ներուժը, տեսիլքը կը մարմնաւորէ մեր համայնքին ժամանակներու քայլ յարմարցնելու վճռակամութիւնը եւ ջանքը։

190-ամեակը առիթ մըն է նաեւ վերյիշելու այս հաստատութեան բոլոր նուիրեալները, որոնք տասնամեակներու ընթացքին բերած են իրենց ներդրումը հիւանդանոցի յարատեւութեան համար։ Իսկ այսօր, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած այժմու հոգաբարձութիւնը արդարօրէն կը դասուի ծառայութեան ախոյեաններու շարքին՝ քանի հաստատութիւնը այսօր իսկապէս կ՚ապրի ոսկեդարը, ունի թեքնիք գերազանց արդի հնարաւորութիւններ, որակեալ ծառայութեան մակարդակ եւ առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը թակեն իր դուռը։

Հարկ է նշել, որ այս տարի հիւանդանոցէն ներս Համբարձման տօնը սովորականէ աւելի տարբեր ձեւով պիտի նշուի։ Վաղը տեղի պիտի ունենայ միայն եկեղեցական տօնակատարութիւնները, իսկ աւանդական աշխարհիկ հանդիսութիւնները ակամայ յետաձգուած են հոգաբարձութեան կարգադրութեամբ։ Արդարեւ, ներկայիս հիւանդանոցի համալիրէն ներս լայնածաւալ վերանորոգութեան ու շինարարութեան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին, ուստի այս վիճակով անկարելի համարուած է տարեդարձի կազմակերպուիլը։ Հոգաբարձութիւնը որոշած է աշխարհիկ հանդիսութիւնը յետաձգել յառաջիկայ աշնան, երբ զուգահեռաբար նոր բաժիններու պաշտօնական բացումն ալ պիտի իրականացուի։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը՝ մաղթելով, որ թրքահայութիւնը արժանանայ տօնախմբելու անոր երկրորդ դարադարձը, որ արդէն ուրուագծուած է հորիզոնին վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022