ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՊԱՐԻ ԵՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախընթաց օր երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան խրախճանքը։ Հանդիսութիւնը գըլ-խաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իր մօտ ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասը։

Խրախճանքը սկսաւ հայր սուրբի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ բացատրութիւն տրուեցաւ օրուայ իմաստին եւ յայտագրին մասին։ Հայր սուրբը ի միջի այլոց ըսաւ. «Գնալը կղզիի վրայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ Նաւասարդեան խաղերը առաջին անգամ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր կղզեաց տեսչութեան օրերուն ծնունդ առած են։ Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը տարիներ շարունակ մարմնամարզական մրցումներու գծով շարունակուած է։ Ուստի փափաքն ունեցանք Նաւասարդեան խաղերու աւանդութիւնը կրկին վերահաստատել, բարելաւումով մը։ Այսպէս Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան խրախճանքի գաղափարը ծնունդ առաւ։ Ամրան եղանակին եկեղեցւոյս հովանիին ներքեւ Կարպիս Չափքանի հսկողութեամբ՝ «Մարալ» եւ Յակոբ Կիւլէչի հսկողութեամբ՝ «Աւանդական» պարախումբերը գործեցին ու մեր զաւակներուն հայեցի պարի գաղափարը յիշեցուցին։ Այսօր լաւ առիթ պիտի ըլլայ, որպէսզի անոնք ցուցադրեն իրենց աշխատութիւնները։ Անոնց առընթեր մեր մէջ ունինք, Մարալ Ադամանը, որ այս տարի հայերէն երգերէ բաղկացեալ «Երազ» խորագրեալ խտասալիկով ներկայացաւ երաժշտասէր հանրութեան։ Այս բոլորի միանալով այսօր թէ՛ պիտի պարենք եւ թէ պիտի երգենք։ Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան երեկոն ձեզի համար է, ուստի միացէք ու զուարճացէք»։

Խրախճանքը սկսաւ «Մարալ» պարախումբի տղոց պարերով ու շարունակուեցաւ «Աւանդական»ի պատանեաց պարերով։ Ապա, Մարալ Ադաման ներկաները մեծապէս խանդավառեց իր երգերով։ Երաժշտութեան յայտագրին միացաւ նաեւ մեներգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուն ու երկու գեղաձայն Մարալներ արժանացան ներկաներու գնահատանքին։ Մինչ այդ բոլոր ներկաները եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ կը պարէին։ Երեկոյթի աւարտին ներկաները մասնակցեցան նաեւ պատրաստուած ընդունելութեան եւ Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան խրախճանքը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած երգերով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017