«ԲԱՐԵԿԱՄ» ԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Բարեկամ» խումբի անդամները եւ համայնքային վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ։ Աւետիս Սէյրանի կողմէ գլխաւորուած հիւրերը ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ Ամանորի ընդառաջ իրենց համար մասնաւոր նշանակութիւն ունեցաւ այս զրոյցը։
«Բարեկամ»ը ընկերային օժանդակութեան միաւորում մըն է, որ կ՚աշխատի մեր վարժարաններու սաներու ուսման մակարդակը բարձրացնելու, անոնց յարակից գիտելիքներ ջամբելու ուղղութեամբ։ Երէկուան այցելութեան ներկայ էին Պէզճեան Մայր վարժարանէն, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն սաներ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց բոլորը՝ յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթելով իրենց գործունէութեան համար։ Ան մասնաւոր ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուց աշակերտները, որոնց եւս յղեց բարեմաղթանքներ։
Զրոյցի աւարտին հիւրերը յուշանուէրներ յանձնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնն ալ նուէրներ յանձնեց այցելուներուն եւ այժմէն բարի Ամանոր մաղթեց։