ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻ 20-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս տա­րի քսա­նե­րորդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի Միջ­միու­թե­նա­կան գի­տե­լի­քի մրցոյ­թը։ Կազ­մա­կերպ­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած է Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թիւ­նը։ Մրցոյ­թը կը հիւ­րըն­կա­լուի Պէզ­ճեան սա­նուց միու­թեան կող­մէ, հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Գում­գա­բուի Պէզ­ճեան սրա­հին մէջ։

Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, որ այս տա­րի մրցոյ­թի գոր­ծադ­րու­թեան կա­նոն­նե­րուն մէջ կա­տա­րուած են կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Մաս­նա­կից­նե­րը տար­բեր օ­րե­րով, խմբակ­նե­րու բաժ­նուած ձե­ւով պի­տի չմրցին, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ մրցոյ­թի իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նը հա­ւա­քա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի։ Ըն­դար­ձակ դահ­լիճ մը օգ­տա­գոր­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան շնոր­հիւ որ­դեգ­րուած է այս հա­ւա­քա­կան դրու­թիւ­նը։ Այս կա­րե­լիու­թեան շնոր­հիւ մրցաոյ­թը շուրջ եր­կու շաբ­թուան ըն­թաց­քին պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։

Իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րուա­նին քսա­նա­կան հար­ցում պի­տի ուղ­ղուի մաս­նա­կից­նե­րուն։ Տաս­նե­րորդ հար­ցու­մէն վերջ պի­տի տրուին կարճ ընդ­հա­տում­ներ։ Իւ­րա­քան­չիւր ա­րա­րէն վերջ մաս­նա­կից խում­բե­րու կազ­մը փո­փո­խու­թեան են­թար­կել հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ։ Մաս­նա­կից բո­լոր միու­թիւն­նե­րը վեց հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ կազ­մով մը պի­տի ներ­կա­յա­նան։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Մար­տի 13-ին։ 

Ուրբաթ, Փետրուար 26, 2016