ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ԶՈՒԳԱԴԻՊՈՒԹԻՒՆ

Հայ Երուսաղէմը, որ ըստ Հին տոմարի կը նշէ Ս. Զատիկը, տօնական շրջանին հիւրընկալեց բազում ուխտաւորներ։ Այս ծիրէն ներս, անցեալ շաբթուայ տեւողութեան Սուրբ Քաղաք այցելեցին հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն երկու յայտնի դէմքեր՝ Փրակի «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան եւ կողակիցը՝ լրագրող Աննա Կարապետեան, որոնք մասնակցեցան Աւագ շաբթուայ աւանդական արարողութիւններուն։

Յակոբ Ասատրեան եւ Աննա Կարապետեան Սուրբ Քաղաքի կեցութեան օրերուն մէկտեղուեցան նաեւ պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի հետ, որ այս շրջանին կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի մէջ։ Անոնց համար հաճելի էր զիրար վերագտնել հայ Երուսաղէմի մթնոլորտին մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2022