ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթեան վարժարանին մէջ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նախակրթարանի շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն, իրենց ծնողներուն եւ հիւրերու կողմէ։ Հանդէսի ընթացքին հնչեցին զանազան ելոյթներ եւ մասնաւորապէս տեղի ունեցաւ տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը։ Դպրոցի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղն ալ շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ տեղի ունեցաւ ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած ընդունելութիւնը, որու ընթացքին հատուեցաւ տղոց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Բոլորը նախակրթարանի շրջանաւարտներուն մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ՝ կրթական կեանքի շարունակութեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024