ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԿԱԶՄԸ ԲԱՑԱՒ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԸ

Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի կազմը բացաւ 2017-2018 մարզական շրջանը։ Ակումբի Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ այս առթիւ համախմբուեցան մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները։ Վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները յաջողութիւն մաղթեցին մարզիկներուն՝ յառաջիկայ մրցաշրջանին համար։ Մարզիչ Քեմալ Տանաճըի հսկողութեան ներքեւ ֆութպոլի խումբի խաղացողները իրականացուցին իրենց առաջին պարապումը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Մարզիկները յոյս յայտնեցին, թէ նոր եղանակին պիտի արձանագրեն յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017