ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՔԱՂԱՔԻՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Ս. Ծնունդը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս մեծ տօնին առթիւ երէկ այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս կարգ մը քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոնները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Իսթանպուլի Ասորի կաթոլիկ եւ Քաղդէացի կաթոլիկ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոնները։ Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը այցելեց նաեւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ պատրիարքական կառավարիչ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառին կողմէ։ Այցելութիւններուն ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան եւ իրեն ընկերակից հոգեւոր հայրերը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը՝ փոխանակելով Ս. Ծնունդի եւ մօտալուտ Ամանորի համար բարեմաղթութիւններ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հոգեւոր եղբայրներուն շնորհաւորութիւններ յղեց՝ յանուն Կրօնական ժողովին, պոլսահայ հոգեւոր դասուն եւ համայնքին։