ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր հայրերը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերուն կողմէ։ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան քարոզեց յաւուր պատշաճի։ Հայր սուրբը քարոզի աւարտին ընդհանուր փոխանորդի անձին մէջ շնորհաւորեց Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու քահանայից տօնը։

Ս. Պատարագէն վերջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ հոգեւորականներու համար։

Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ հոգեւոր հայրերուն ի պատիւ։ Ճաշի աւարտին հոգեւոր հայրերը արձակուեցան Տէրունական աղօթքով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019