ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՀԻՆԳ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ՎՈՍՓՈՐԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ
Համայնքային հինգ լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտները երէկ խանդավառ շրջապտոյտ մը կատարեցին՝ դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր եկեղեցիները։ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Լենա Ենիեորկանի ջանքերով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը։ Ան գտած էր հովանաւորներ եւ գործակիցներ, որոնց նպաստով ծրագրին իւրաքանչիւր փուլը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Օրուան սկիզբին տղաքը յատուկ փոխադրամիջոցներով ճանապարհ դուրս եկան իրենց դըպ-րոցներէն։ Անոնք իրերայաջորդ այցելեցին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եւ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Ուղեւորութեան վերջին կանգառը հանդիսացաւ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ ուղեւորութեան մասնակցեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ իւրաքանչիւր սրբավայրին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց տեղեկութիւններ։ Կազմակերպիչները ապահոված էին, որ արհեստավարժ ուղեցոյց մըն ալ ներկայ ըլլար այս ծրագրին՝ քանի սա տղոց հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէր իրենց այցելած վայրերուն նշանակութեան անդրադառնալ՝ համայնքային շրջանակէն դուրս, աւելի լայն իմաստով։ Պէշիկթաշի եւ Օրթագիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները պատուասիրութիւններ ալ նախատեսած էին երիտասարդներուն համար։
Եզրափակիչ փուլին՝ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տղաքը կէսօրին միասնաբար ճաշեցին։ Կրակարաններու վրայ պատրաստուած խորովածները համտեսելու առընթեր, անոնք իրարու հետ գիրկընդխառնուեցան եւ ինքզինքնին զգացին շուրջ 200 հոգիէ բաղկացեալ մեծ ընտանիքի մը անդամը՝ հայ վարժարանի սան ըլլալու հասարակաց յայտարարին վրայ։
Յետմիջօրէին, դարձեալ յատուկ փոխադրամիջոցներով անոնք վերադարձան իրենց վարժարանները։