Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Յա­կոբ Սրկ. Քես­կին եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ար­շա­ւիր Սրկ. Պիւ­յիւ­քիշ­մա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հայ­րը տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը կանգ առ­նե­լով միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիի ամ­րապնդ­ման վրայ։ Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Կիւլ­պէն­կեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պոյ­եան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։

Սի­րոյ սե­ղա­նէն վերջ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցիէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի այս թա­ղի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Ան այ­ցե­լեց ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի դամ­բա­րա­նը ու տեղ­ւոյն վրայ քննեց վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը շա­րու­նա­կուին եւ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ա­ղօ­թեց Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

ԱՆ­ԳԱ­ՐԱ­ՅԻ ՄԷՋ ԻՖ­ԹԱՐ

Միւս կող­մէ, Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա կ՚այ­ցե­լէ՝ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած իֆ­թա­րին հրա­ւի­րուած ըլ­լա­լով։ Հարկ է նշել, որ ընթ­րի­քին ներ­կայ պի­տի գտնուի նաեւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը իֆ­թա­րէն վերջ ան­մի­ջա­պէս պի­տի վե­րա­դառ­նայ Իս­թան­պուլ։

Երկուշաբթի, Յունիս 27, 2016