ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները յաջողեցան՝ վերջին օրերուն կազմակերպուած միջվարժարանային բառախաղի մը դափնեկիրներու շարքին մաս կազմել։ Այս բառախաղը կազմակերպուած էր «Մարմարա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ՝ աշակերտներու անգլերէն բառամթերքի ճոխացումը խրախուսելու առաջադրութեամբ։ Երկօրեայ ծրագրին մասնակցեցան ամբողջ Իսթանպուլէն 156 աշակերտներ, որոնք կը ներկայացնէին 39 դպրոցներ։

Պէզճեան Մայր վարժարանի խումբին մէջ էին Ալեքս Տեմիրճի, Ռինա Աքպաշ, Վիգէն Պաղ եւ Գարուն Արսլան։

Հարկ է նշել, որ անցեալ տարի կազմակերպուած մրցաշարքին մէջ եւս Պէզճեան Մայր վարժարանի ներկայացուցիչ աշակերտները արձանագրած էին յաջողութիւններ։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017