ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԺԱՄԱՆՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ Կի­րա­կի պի­տի ժա­մա­նէ Իս­թան­պուլ։

Ինչ­պէս ե­րէկ հա­ղոր­դած էինք, նա­խըն­թաց օր ա­ռա­ւօ­տեան Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին յայ­տա­րա­րած էր, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հաս­նի Իս­թան­պուլ եւ իր ժա­ման­ման հա­ւա­նա­կան օրն է՝ Ուր­բաթ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ըն­թաց­քին ե­ղած են կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­ներ, ո­րոնց լոյ­սին տակ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի ժա­ման­ման օ­րը ճշդո­ւած է՝ որ­պէս Կի­րա­կի։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ քա­ղաքս պի­տի հաս­նի Տիւ­սել­տորֆ-Իս­թան­պուլ թռիչ­քով։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը ան­ցեալ շա­բաթ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ Իս­թան­պուլ գա­լէ ա­ռաջ գրա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն պի­տի փո­խան­ցէր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նին, որ իր կող­մէ կար­գուած է փո­խա­նորդ։ Այս ա­ռա­ւօտ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րէն ճշդե­ցինք, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Ե­լեկտ­րո­նիկ փոս­տի մի­ջո­ցաւ ե­րէկ երկ­տող մը հաս­ցէագ­րած է եր­կու սրբա­զան­նե­րուն։ Այդ երկ­տո­ղին մէջ նշուած է, որ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն պի­տի հաս­նի Իս­թան­պուլ։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը խնդրած է, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­րա­նի շէն­քին մէջ ննջա­րան ու գրա­սե­նեակ մը պատ­րաս­տուի ի­րեն հա­մար։

 

 

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017