ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՃԱՄԲԱՐԸ

Շիշլի մարզակումբը այս ամրան վերսկսած է կազմակերպել ճամբարներ։ Ամրան դասընթացքներուն զուգահեռ նախատեսուած է այս աշխատանքը։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները Հէյպէլի կղզիի մէջ ամառնային ճամբարի մը մասնակցելու փորձառութիւնը ունեցան՝ հեղինակաւոր մարզիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Քառօրեայ ծրագիրը աւարտին հասաւ երէկ։ Մարզիկները թէ՛ պարապմունքներ կատարեցին եւ թէ ընկերային զբաղումներու ձեւաչափին մէջ ունեցան հաճելի ժամանց։

Շիշլիի վարչութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ալ շարունակել այս նախընթացը, որ ակամայ ընդհատուած էր համավարակի հետեւանքով։

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024