ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու ուղղութեամբ եւ այդ ջանքերուն պտուղներն ալ աստիճանաբար կը քաղէ։ Շիշլիցիները վերջին օրերուն այս առումով մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ ականատես ըլլալով այդ հետեւողական ջանքերու արդարացման հերթական դրսեւորման։ Շիշլիի մինչեւ 12 տարեկանի պասքեթպոլի խումբերը փայլուն եւ յուսադրիչ յաղթանակ մը տարաւ «Քոճամուսթաֆափաշա» մարզակումբին դիմաց՝ 42-44 արդիւնքով։ Շիշլիցի պատանի մարզիկները մրցումէն վերջ ջերմօրէն շրջապատուեցան վարչայիններուն, մարզիկներուն եւ իրենց ընտանիքներուն կողմէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024