ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Պէզճեան Մայր վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ Գումգաբուի մէջ կազմակերպեց կանանց հաւաքոյթ մը։ Համանուն սրահին մէջ ամառնամուտի այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր ի նպաստ դպրոցին։ Մայր վարժարանի համակիրները այս առթիւ համախմբուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկաներու շարքին էին Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր, նախկին տնօրէնուհի Եղիսաբէթ Չաթանասլան եւ այլ հիւրեր։ Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ռինտիհան Էօքսիւն եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ ատենապետուհիի ողջոյնի խօսքով։ Գործադրուեցաւ երաժշտական ծրագիր մը եւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։ Ռինտիհան Էօքսիւնի կողմէ գլխաւորուած կազմակերպիչ ծնողաց միութեան կազմին մէջ էին հետեւեալ անունները.
Մարիա Նալեան, Հիւլիա Շարքլը, Ելիզ Մեթին, Մարիամ Քափ, Վերժին Պաղ, Կիւլէր Տոլաշ, Այկիւլ Եըլտըրըմ, Ժանէթ Ավճու եւ Թալին Եուլարճըօղլու։