ՇԻԼԱ ԹԵՄԻԶԷԼ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆՈՒՆՈՎ
Նիւ Եորքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Տեւական զարգացման լուծումներու ցանց. երիտասարդական լուծումներ» խորագրեալ գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին հրաւիրուեցաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Թեմիզէլ՝ որպէս Թուրքիոյ միակ ներկայացուցիչը։ Պողազիչի համալսարանի Տեւական զարգացման ու մաքուր արտադրութեան գործադրութեան եւ հետազօտութեան կեդրոնին մօտ որպէս հետազօտող կ՚աշխատի Շիլա Թեմիզէլ, որ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ այս բնագաւառի միջազգային հարթութեան աշխատանքներուն։ Ան Նիւ Եորքի մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ ցարդ կատարուած եւ ապագային նախատեսուած աշխատանքներուն շուրջ՝ Աւստրալիոյ, Իտալիոյ եւ Անգլիոյ նման երկիրներէ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Շիլա Թեմիզէլ մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի վերոյիշեալ խմբաւորման հիմնադիրներու շարքին։ Այդ խմբաւորման Թուրքիոյ գրասենեակին կ՚անդամակցի նաեւ Պողազիչի համալսարանը։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024