ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ շարք մը հաւաքոյթներու, որոնք կազմակերպուած էին Գերմանիոյ նախկին նախագահներէն Քրիստիան Վիլհելմ Վալթեր Վուլֆի Իսթանպուլ այցելութեան առթիւ։ Նախկին նախագահը կիրակի երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքինի կողմէ։ Այս վերջինը սոյն հաւաքոյթին հրաւիրած էր նաեւ Իսթանպուլի զանազան դաւանանքներու կամ կրօններու հոգեւոր առաջնորդները։ Այս շրջանակին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ներկայ գտնուեցաւ տեսակցութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն օրը մասնակցեցաւ նաեւ քաղաքիս Լատին համայնքի Սեն թ՚Էսփրի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին, որուն եւս ներկայ գտնուեցան քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, որոնց շարքին էր նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը։ Հրէից րաբունապետ ռաւ Իսհաք Հալեւա եւս հրաւիրուած էր ձեռնարկին։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Հարկ է նշել, որ նախկին նախագահը ներկայիս Գերմանիոյ մէջ փոքրամասնութեանց խնդիրներուն հետամուտ է։ Ուստի, Իսթանպուլ այցելութիւնը ան պատեհ առիթ մը նկատած էր՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց մասին տարրական պատկերացում մը կազմելու համար։ Հոգեւոր առաջնորդներու հետ կազմակերպուած հանդիպումը այս տեսակէտէ յատկանշական էր։ Անմիջական կարծիքի փոխանակման ձեւաչափին մէջ ծրագրուած տեսակցութեան մասնակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին նախկին նախագահին հետ հանդիպման առիթին համար։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022