ԳԵՐԱՐԴԻԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը թեք­նիկ վե­րա­զի­նում­նե­րու ուղ­ղեալ պար­բե­րա­կան ու կա­նո­նա­ւոր ներդ­րում­նե­րու շնոր­հիւ միշտ կ՚օժ­տուի գե­րար­դիա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րով։ Սա ախ­տա­ճա­նաչ­ման կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած կա­րե­լիու­թիւն­ներ կ՚ա­պա­հո­վէ հի­ւան­դա­նո­ցին տե­սա­կէ­տէ, ինչ որ ու­նի ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, յա­ւակ­նոտ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը միշտ կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն հաս­տա­տու­թեան կող­մէ մա­տու­ցուած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան բազ­մա­կող­մա­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն բարձր ո­րա­կը եւ այս հան­գա­մանքն ալ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը կը պա­հէ մրցու­նա­կու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Այ­սօր ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս այն­պի­սի մեծ մրցակ­ցու­թիւն կ՚ապ­րուի, որ ա­ռանց այդ մար­տահ­րա­ւէ­րը դի­մագ­րա­ւե­լու Գթու­թեան յար­կը դժուար թէ կա­րե­նայ պահ­պա­նել իր նա­խան­ձե­լի դիր­քը, թէ՛ իր վա­յե­լած հա­մ­­բա­ւին եւ թէ վար­չատն­տե­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը հաս­տա­տու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան կա­յուն տե­ւա­կա­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն իր գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռանցք­նե­րէն մին դար­ձու­ցած է թեք­նիկ վե­րա­նո­րո­գում­նե­րը, ո­րոնք այ­սօ­րուան աշ­խար­հին մէջ բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը պատ­նէ­շի վրայ պա­հե­լու տե­սան­կիւ­նէն։

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս շրջա­նին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը կ՚օժ­տուի եր­կու գե­րար­դիա­կան գոր­ծիք­նե­րով, ո­րոնք ռա­տիո­լո­ժիի բա­ժան­մուն­քէն ներս բա­ռին բուն ի­մաս­տով յե­ղա­փո­խու­թիւն մը պի­տի ա­պա­հո­վեն։ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս վեր­ջերս հի­ւանդ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան դրուած է ուլթ­րա­սո­նոկ­րա­ֆիի եր­կու նոր գոր­ծիք եւ է­քօ­քար­տիո­լո­ժիի սարք մը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին այժմ կ՚ա­պա­հո­վուին թո­մոկ­րա­ֆիի եւ MR-ի նոր սար­քա­ւո­րում­ներ։ Այս վեր­ջին­նե­րը աշ­խար­հի վրայ մա­տի վրայ հա­շուե­լի թի­ւով հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ կ՚օգ­տա­գոր­ծուին, ո­րով­հե­տեւ Սուրբ Փրկիչ հի­ւան­դա­նո­ցը բո­լոր­վին վեր­ջերս վա­ճառ­քի դրուած ա­ռա­ջին վեց գոր­ծիք­նե­րէն մին պի­տի ստա­նայ շու­տով։ Ամ­բող­ջա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով օժ­տուած այս գոր­ծիք­նե­րուն շնոր­հիւ նկա­րա­հան­ման ո­րա­կը պի­տի հաս­նի կա­տա­րեա­լի, ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին պի­տի հաս­նին նաեւ ախ­տա­ճա­նաչ­ման փու­թա­ցած հի­ւանդ­նե­րուն հա­մար ի սպաս դրուած յար­մա­րու­թիւն­նե­րը։

MR-ի նոր սար­քա­ւո­րու­մը ա­ռանց սրսկում­նե­րու օգ­տա­գոր­ծել հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ եւ հի­ւանդ­նե­րը ըստ ի­րենց նա­խընտ­րու­թեան պի­տի կա­րե­նան ոտ­քե­րու կամ գլխու բաժ­նէն մուտք գոր­ծել սար­քին մէջ, որ ներ­քին օ­դա­փո­խու­թեան կա­տա­րե­լա­գոր­ծեալ հա­մա­կարգ մը ու­նի։ Կա­նուխ ախ­տա­ճա­նա­չում­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ՚ըն­ձե­ռէ այս սար­քը, որ իս­կա­պէս կը ծա­ռա­յէ կեանք փրկե­լու նպա­տա­կին։ Իսկ թո­մոկ­րա­ֆիի գոր­ծի­քը կը բնո­րո­շէ նոր դա­րու մը սկիզ­բը՝ իր բազ­մա­շերտ նկա­րա­հա­նում­նե­րու ու ներ­թա­փանց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2015