ՀԱՄԱԼՐՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ առկայ փակուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։ Հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը ներկայիս կեդրոնացած է Նախաձեռնարկ մարմնին վրայ, որու կազմէն մօտաւոր անցեալին իրերայաջորդ հրաժարեցան հինգ անդամներ, ներառեալ ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը։ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած էր վերջնական քայլ մը առնելու համար սպասել տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիայէ վերադարձին։ Նորին սրբազնութիւնը ներկայ շաբթուան սկիզբէն ի վեր արդէն քաղաքիս մէջ է եւ իր գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ ներկայիս կը սպասուի Նախաձեռնարկ մարմնին վերաբերեալ յստակութեան մը։ Տեղապահ սրբազան հայրը թերթիս մէջ երէկ լոյս տեսած յայտարարութիւններուն մէջ ալ յայտնած էր, որ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսէ այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալ։

Մինչ պաշտօնական յայտարարութեան համար սպասումը կը շարունակուի, համայնքէն ներս աստիճանաբար շրջանառութեան մէջ կը մտնեն անպաշտօն լսումներ։ Այսպէս, կ՚ենթադրուի, որ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի որոշէ տեւականացնել իր գործերը՝ հրաժարեալ անդամներուն փոխարէն իր շարքերը համալրելով պահեստի անդամներով։

Հարկ է յիշեցնել, որ հինգ լիիրաւ անդամներուն (Սարգիս Քիւլէկէչ, Խաչիկ Ճանէլ, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Մկրտիչ Սէրթշիմշէք եւ Սարվէն Սէրթշիմշէք) առընթեր Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն դուրս եկած էր նաեւ պահեստի անդամներէն մին (Դաւիթ Տամլա)։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017