ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբի անդամները յայտնեցին, որ կը պատրաստուին տօնախմբել դպրաց դասու 315-րդ, իսկ երգչախումբի 80-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Այս ծիրէն ներս յառաջիկայ Դեկտեմբերի սկիզբին Սահակեան երգչախումբը հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգներով։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ եկեղեցիէն ներս մանկանց եւ երիտասարդաց առաքելութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար ու շեշտեց, որ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին ունի դարաւոր աւանդութիւններ ու մեր քաղաքի ամենահին հոգեւոր կառոյցներէն մին է։ Տեղապահ սրբազան հայրը միեւնոյն ժամանակ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս եկեղեցւոյ դպրաց դաս-երգչախումբը կը մնայ պատնէշի վրայ։ Ան զրոյցի տեւողութեան յաւելեալ մանրամասնութիւններ քաղեց եկեղեցիէն ներս, մանաւանդ դպրաց դասուն կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ եւ ըրաւ հայրական յորդորներ։ Ան մատնանշեց, որ մեր համայնքի առողջ ապագան երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ է մանուկներու եւ պատանիներու ներկայութիւնը ապահովել եկեղեցիէն ներս։

Զրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը այժմէն շնորհաւորեց կրկնակ տարեդարձները, նաեւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3, 2017