ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ԵՒ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ՝ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ
Համայնքային հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու եւ մեր վարժարաններու ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչ տիկինները երէկ հանդիպում մը ունեցան Սկիւտարի սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Ներկայ եղանակի առաջին կանանց հաւաքոյթն էր այս մէկը։ Թագուհի Կիւլի կողմէ գլխաւորուած այս կազմի մասնակիցները համախմբուեցան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ։ Ջերմ զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տիկինները զիրար ողջունեցին՝ յաջողութեան մաղթանքով եւ զօրակցութեան տրամադրութեամբ։
Ճաշի առընթեր Թագուհի Կիւլի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը։ Տիկնանց կազմերու եւ ծնողաց միութիւններու ներկայացուցիչները զիրար տեղեակ պահեցին, որ յառաջիկայ շրջանին ինչպիսի ձեռնարկներ կը ծրագրեն։ Այդ բոլորը արձանագրուեցան՝ թուականի խաչաձեւումները կանխելու եւ աշխատանքները հնարաւորինս համակարգելու նպատակով։