Տ. ԳՈՒՍԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԼՃԱՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ հայր սուրբը նախկին թրքահայ մըն է։ Ան քանի մը օրուան համար Իսթանպուլ եկած է՝ այցելելու համար իր տիրամայրին, որ կը բնակի քաղաքիս մէջ եւ յառաջացած տարիք ունենալով կը տառապի զանազան առողջական խնդիրներէ։ Բաց աստի, Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան կեցութեան օրերուն զանազան հանդիպումներ կ՚ունենայ քաղաքիս շրջանակին հետ։ Ան մեր մէջ կը մնայ մինչեւ շաբաթավերջ։

Վերջին տարիներուն Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեան լուրջ աշխատանք կը տանի զուիցերահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս աշխուժութիւն ստեղծելու, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շուրջ համայնքի անդամներու համախմբումը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Ան ունի կազմակերպչական բարձր կարողութիւն ու կը ջանայ իր վարչական հմտութիւնները օգտագործել նոր աշխուժութիւն մը բերելու համար զուիցերահայ իրականութեան։ Դժբախտաբար, համավարակը եկած է խոչընդոտել իր կողմէ եռանդով ձեռնարկուած ծրագիրներու իրականացումը։ Սփիւռքի մէջ, թէեւ փոքրաթիւ, սակայն, զուիցերահայ համայնքը միշտ ունեցած է իր ուրոյն տեղը ու միշտ մասնակցած՝ համազգային շարժումներու։

Այս առթիւ բարի կեցութիւն կը մաղթենք Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021