ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան 18-րդ հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։

Համագումարի դիւանը ձեւաւորուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի երէց դէմքերէն Թորոս Աբիկի։ Միութեան ընթացիկ գործունէութեան վերաբերեալ հնչած բացատրութիւններուն առընթեր, ընդհանուր ժողովի անդամները տեղեակ պահուեցան, որ մօտաւոր ապագային հաւաքատեղին վերանորոգման աշխատանքներէ պիտի անցնի՝ պատկան իշխանութիւններուն կողմէ անհրաժեշտ թոյլտուութիւնները ապահովուած ըլլալով։

Անցեալ շրջանի գործունէութեան տեղեկագրերու վաւերացումէն վերջ ձեռնարկուեցաւ նոր վարչութեան ընտրութեան։ Այսպէս, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան նորընտիր վարչութեան մաս կազմեց եօթ լիիրաւ եւ հինգ պահեստի անդամ։ Այս վերջիններն են՝ Նուպար Տինչէօզ, Վարուժան Թուխուեան, Պարէտ Եշիլթեփէ, Սեւան Պըլտըրճըն, Արէտ Պօղոսեան, Սարգիս Կիւրեղ, Արիճան Փաքէր, Նշան Պոյաճը, Իվոն Կէօքչէք, Սեւակ Իշլէք, Նատին Ալուչ եւ Մեթինճան Չաքմաք։

Համագումարի եզրափակիչ փուլին շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան, Դպրեվանքի ընտանիքէն Թեքին Տեմիրճեան, Մասիս Եոնթան, Աւետիս Տինք, Յովսէփ Վայվալաքեան եւ այլ դէմքեր, որոնք միութեան գործունէութեան վերաբերեալ իրենց տեսակէտներն ու ակնկալութիւնները պարզեցին։

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտիր վարչութեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 30, 2021