ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահ Էրտողանը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ։ Ըստ Գումգաբուի աղբիւրներուն, Նորին Ամենապատուութեան շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Կ՚ուզեմ գոհունակութիւնս յայտնել, որ 28 մայիս 2023-ին կայացած ընտրութեան արդիւնքով՝ դուք վերընտրուեցաք Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին։ Այս մէկը ազգի վստահութեան դրսեւորումն է, որով այս նուիրական պարտականութիւնը ձերդ վսեմութեան կրկին վստահուած է այն օրերուն, երբ ազգովին կը պատրաստուինք նշել Հանրապետութեան 100-ամեակը։ Այս առթիւ, յանուն անձիս, ատկառելի Կրօնական ժողովին, հոգեւորականաց դասուն եւ մեր համայնքային հաստատութիւններու վարչութեանց ու մեր ամբողջ համայնքին, կը շնորհաւորեմ ձերդ վսեմութիւնը։ Անկեղծօրէն կը փափաքինք, թէ Աստուած ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք եւ յաջողութիւններ՝ շարունակելու ձեր մատուցած ծառայութիւնները»։

Մինչ այդ, համայնքային շրջանակներէն այլ շնորհաւորականներ ալ ուղարկուած են Պեշթեփէ։ Այս ամբողջին մէջ նախագահ Էրտողանի վերընտրութիւնը շնորհաւորած է նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Շնորհաւորականին մէջ ան յոյս յայտնած է, թէ ի շարունակութիւն անցեալ աւելի քան երկու տասնամեակին ձեւաւորուած դրական նախընթացներուն՝ նախագահ Էրտողանի պաշտօնավարութեան նոր շրջանին եւս թրքահայ համայնքը կ՚արձանագրէ յաջողութիւններ։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս տարուան Համբարձման տօնին Շիրինօղլու անդրադարձած էր հիւանդանոցի հանդիպակաց՝ պատմական բանջարանոցի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման կնճռոտ հարցին եւ պատկան իշխանութիւններու առկայ չկամութիւններուն։ «Վստահ եմ, թէ նախագահ Էրտողան տեղեակ չէ», ըսած էր ան։

Բաց աստի, նախագահ Էրտողանի պաշտօնավարութեան նոր շրջանի սկիզբին թրքահայութիւնը ունի կարեւոր ձեռքբերում մը։ Արդարեւ, այս նոր շրջանին Ազգային մեծ ժողովի հայազգի միակ պատգամաւորն է տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ մաս կը կազմէ նախագահ Էրտողանի գլխաւորած ԱՔ կուսակցութեան շարքերուն։ Իր գործունէութիւնը յառաջիկայ շրջանին կրնայ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ՝ համայնքային առկայ հարցերու լուծման համար բարենպաստ պայմաններ ապահովելու առումով։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023