ԳԱԼԱՅՃԸԻՆ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ

«Բարեկամ» խմբակը վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըին, որ կը հանդիսանայ իր բարերարներէն։ Մեր երիտասարդութեան ապագան խրախուսելու ուղղեալ ծրագրի երկրորդ տարեդարձին առթիւ «Բարեկամ»ի ներկայացուցիչները Մանուկ Գալայճըին յուշանուէր մը յանձնեցին՝ ընդգծելով իրենց երախտագիտութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին կարեւորուեցաւ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններու յարատեւութեան երաշխաւորումը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023