ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբէն ներկայացուցիչներ՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը, վարչայիններէն Նուպար Կիւզելտեւլեթեանը եւ անդամուհիներէն Ալիս Շահինօղլուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Վարդանանց երգչախումբը Երեւանի մէջ պիտի սարքէ համերգ մը, որու համար ճամբորդութեան ընդառաջ վարիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս։ Սեպտեմբերի 1-ին նախատեսուած է այս ելոյթը՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ։ Այս համերգը առիթ պիտի հանդիսանայ Երեւանի մէջ ալ պոլսահայերու մասնակցութեամբ նշել Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանը։

Բարի ճանապարհ կը մաղթենք Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017