ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԵՌԱՆԴ

Համայնքային շրջանակները եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ողջունեն Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին կազմը, որ մեր ժողովուրդի վստահութեան առարկայ դարձած, հաւանութեան արժանացած է վերջին ընտրութիւններով։ Երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները ի մի հաւաքուեցան հերթական ժողովի առթիւ։ Սա թէեւ պաշտօնապէս անդրանիկ նիստ մը չէր, որովհետեւ տակաւին պատկան մարմիններուն կողմէ նորընտիր կազմի ընտրութիւնը չէ վաւերացուած։ Յամենայնդէպս, անպաշտօն խորհրդակցութեան ձեւաչափին մէջ Ֆէրիգիւղի նորընտիր թաղականները ժողովասեղանի շուրջ հաւաքուեցան՝ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ։

Վերանորոգ եռանդով անոնք աչքէ անցուցին այն առաջին քայլերը, զորս կը նախատեսեն առնել իրենց պաշտօնական վաւերացման հասնելէն անմիջապէս վերջ։ Մանուկ Էօղէր եւ ընկերները արդէն պատրաստ են թարմ ուժերով գործի լծուելու՝ Ֆէրիգիւղի առկայ առաջնահերթութիւններուն ընդառաջ։ Վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ Ֆէրիգիւղի պարագային համայնքէն ներս ընդհանուր համախոհութեան մթնոլորտ մը ստեղծուած էր։ Թէեւ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար մրցակցութիւն խնդրոյ առարկայ չէր, սակայն, նորընտիր կազմը բոլորին վստահութիւն կը ներշնչէ, թէ պիտի կարողանայ անհրաժեշտ կենսունակութիւնը ստեղծել մեր այս հայահոծ թաղէն ներս։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2022