Երկուշաբթի 10, Փետրուար 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԸ
Գատըգիւղի ընտանիքը Նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական ոգեւորութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի Կաղանդի հանդէսը այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ՝ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտով։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ համանուն սանուց միութեան սրահին մէջ։ Ձեռնարկի սկիզբին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու ողջոյնի խօսք մը արտասանեց։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Հուսկ, Կաղանդ պապուկը սրահ ժամանելով բոլորին բաժնեց յուշանուէրներ։
Հանդէսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գատգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024