ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՀՔԻ ՄՏԵՐՄԻԿ ՍԵՂԱՆ

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղը նա­խըն­թաց օր պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Ֆլո­րիա­յի ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ սար­քուե­ցաւ ընթ­րի­քը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան։ Մեր հա­մայն­քէն բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հրա­ւի­րուած էին այս հա­ւա­քոյ­թին։ Քա­ղա­քիս միւս յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րէն ալ հրաւի­րեալ­ներ կա­յին։ Կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած էր մեր հա­մայն­քէն Ա­րամ Տե­միր, որ մաս կը կազ­մէ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան։

Ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց սոյն հա­ւա­քոյ­թին բե­րու­մով։ Ան ամ­փո­փեց ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան իշ­խա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն ար­ձա­նագ­րուած ձեռք­բե­րում­նե­րը եւ կոչ ուղ­ղեց՝ որ­պէս­զի մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէին ըն­թաց­քին բո­լո­րը հա­ւա­նու­թիւն տան Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման նա­խագ­ծին։ Մար­գար Է­սաեան հա­մո­զուած է, որ երկ­րին առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն մը պի­տի ու­րուագ­ծուի՝ շնոր­հիւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հե­ռա­տես ղե­կա­վա­րու­թեան։

 

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017