ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ընտանիքէն Յակոբ Կէօքչէն եւ Ժիրայր Աքմերճանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ այս շաբաթավերջին կը նշուին դպրաց դասու հիմնադրութեան 132-րդ եւ երգչախումբի կազմութեան 87-րդ կրկնակ տարեդարձները։ Երգչախումբի ներկայացուցիչները նշեցին, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ համապատասխան տօնակատարութիւնները նախատեսուած են՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ։

Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ունի իր առանձնայատուկ տեղը։ Կէտիկփաշա թաղը թէեւ վաղուց հայ բնակչութենէն նօսրացած է, սակայն երբեմնի թաղեցիները կը շարունակեն մասնակցիլ երգչախումբի գործունէութեան՝ այսպէսով արծարծուած պահելով իրենց զգացումներն ու հոգեւոր կապը Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ վերաբերեալ։ Կէտիկփաշացիները զգայնութեան մը վերածած են Զուարթնոց երգչախումբի կայուն երթը, ինչ որ երաշխիք մըն է նաեւ թաղի պատմական եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ճանապարհին։ Երէկուան հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերուն հետ խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ այս բոլորին կապակցութեամբ՝ մինչ ցաւով արձանագրուեցաւ, որ հետզհետէ կը դժուարանայ երգչախումբի շարքերու նոր անդամներով համալրումը։

Ի վերջոյ, տարեդարձի ընդառաջ ողջունելի է՝ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի աւանդութիւնները կենդանի պահելու ուղղեալ տարուած աշխատանքը, որուն համար կը մաղթենք յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2023