ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ համայնքային միջնակարգերու աւարտական դասարաններու սաներուն հետ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ շաբաթավերջի լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնները փոխանցեց համայնքային միջնակարգերու աւարտական դասարաններու սաներուն ու մաղթեց յաջողութիւններ։ Ծանօթ է, որ Նորին Ամենապատուութիւնը խումբ առ խումբ կը մէկտեղուի աշակերտներուն հետ։ Երէկուան խումբին մաս կազմեցին՝ Գալֆաեան տան, Գարակէօզեան տան, Արամեան-Ունճեան, Թարգմանչաց, Էսաեան, Մէրամէթճեան եւ Մխիթարեան վարժարաններու սաները, որոնց հետ էին իրենց տնօրէններն ու ուսուցիչները։
Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կարճ աղօթք մը, որու աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջական ոճով զրուցեց տղոց հետ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ քահանայ հայրեր։
Արարողութենէն վերջ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։