ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ Ա­ՄԱ­ՆՈ­ՐԻ ՊԱՏ­ԳԱ­ՄԸ

 

Ե­րա­նի  խա­ղա­ղա­րա­րաց,
զի նո­քա որ­դիք Աս­տու­ծոյ կո­չես­ցին
(Մատ­թէոս, 5.9)

Գո­հու­թիւն եւ փառք Ա­մե­նա­կա­լին Աս­տու­ծոյ, որ կ­­՚ապ­րինք Ա­մա­նոր մը եւս դի­մա­ւո­րե­լու պա­հը։ Ա­մա­նո­րը հանգ­րուան մըն է, ո­րուն հաս­նող­նե­րէն ո­մանք ու­րա­խու­թեամբ, ո­մանք ալ տրտմու­թեամբ կը լե­ցուին։ Յի­րա­ւի, ա­նոնք ո­րոնք ե­սա­կեդ­րոն կեանք մը կը վա­րեն եւ ի­րենց կեան­քի փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը հիմ­նա­ւո­րած են «կեր, խմէ եւ ու­րա­խա­ցիր» հաս­կա­ցո­ղու­թեան վրայ, բնա­կա­նա­բար անն­կատ կը թո­ղուն աշ­խար­հի այն հատուա­ծը, որ կը տուայ­տի չքա­ւո­րու­թեան, ա­նօ­թու­թեան մէջ, զուրկ՝ մարդ­կայ­նա­բար ապ­րե­լու նա­խա­պայ­ման­նե­րէն։ Բնաւ հոգ չեն ը­ներ, նոյ­նիսկ չեն մտա­ծեր, թէ այդ հա­տուա­ծէն քա­նի քա­նի ըն­տա­նիք­ներ կ­­՚ող­բան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն վա­ղա­հաս մա­հը։ Մէկ կող­մէն օգ­նու­թիւն հայ­ցող ա­ղա­ղակ­նե­րը, միւս կող­մէ ան­տար­բե­րու­թեան ախ­տին բեր­մամբ խցուած ա­կանջ­նե­րը եւ պարս­պա­պա­տուած սրտե­րը, ե­րե­ւոյթ մը, ո­րով անլ­սե­լի կը դառ­նան թէ՛ ա­նօգ­նա­կա­նին ա­ղա­ղակ­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ՝ Աս­տու­ծոյ Խօս­քը։ Պէտք է լաւ ըմբռ­նել, թէ ե­սա­կեդ­րոն կեան­քը ո­չինչ կը շա­հեց­նէ մար­դուն, մա­նա­ւանդ յա­նակն­կալս դժբախտ ե­րե­ւոյ­թի մը յայտ­նու­թեան պա­րա­գա­յին, տակ­նուվ­րայ կ­­՚ըլ­լայ ա­նոր որ­պէս թէ  հե­զա­սահ ըն­թաց­քը։

Յի­սուս Քրիս­տոս «Լե­րան Քա­րոզ»ին մէջ ի շարս այ­լոց կ­­՚ը­սէ. «Ե­րա­նի  խա­ղա­ղա­րար­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք Աս­տու­ծոյ որ­դի­ներ պի­տի կո­չուին»։ Խա­ղա­ղու­թիւ­նը, միայն նիւ­թա­կան զէն­քե­րով մղուած պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին չէ որ կը փնտռուի։ Այդ աշ­խար­հիկ խա­ղա­ղու­թիւնն է, որ աշ­խար­հիկ հա­շիւ­նե­րով կրնայ խախ­տուիլ եւ կը խախ­տուի ար­դա­րեւ։ Կայ ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը, որ կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ հաս­տա­տել միայն բա­րիին չա­րին վրայ տա­րած յաղ­թա­նա­կով։ Այդ յաղ­թա­նա­կը կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ տա­նիլ Աս­տու­ծոյ Խօս­քին լսե­լով ու Աս­տու­ծոյ հետ գոր­ծակ­ցե­լով։ Այդ գոր­ծակ­ցու­թեամբ կը բա­ցուի յի­րա­ւի խա­ղա­ղա­բեր «նոր» շրջան մը, նո­րո­գու­թեան եւ վե­րա­զարթ­նու­մի։ Ե­րա­նի ա­նոր, որ այդ խա­ղա­ղու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու կը ձգտի։ Ո­րով­հե­տեւ այդ ձգտու­մը մար­դուն կեան­քէն ներս կը վե­րա­հաս­տա­տէ Աս­տու­ծոյ ա­նեղծ դի­մա­գի­ծը, յայտ­նա­բե­րուած՝ աս­տուա­ծա­պար­գեւ սի­րոյ, գթու­թեան, ո­ղոր­մու­թեան եւ խա­ղա­ղա­սէր կե­ցու­թեան եր­ջան­կա­բեր շնորհ­նե­րով։ Այդ շնորհ­նե­րուն մէջ ա­ռա­տա­նա­լով կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ յի­րա­ւի Աս­տու­ծոյ որ­դի­ներ կո­չուիլ։ Աս­տու­ծոյ որ­դի­ներ կոչ­ման ար­ժա­նա­նա­լու ջա­նա­ցող­ներ կը յի­շեն Քրիս­տո­սի խօս­քը, ո­րով կը խոս­տա­նար «Իր խա­ղա­ղու­թիւ­նը տալ» (Յով­հան­նէս, 14.27), կը հե­ռաց­նեն ունկ­նա­խից ազ­դակ­նե­րը, կը բա­ցուին Աս­տու­ծոյ Խօս­քին եւ կը փլցնեն ան­թա­փանց պա­տուար­նե­րը։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լը, մեր Տի­րոջ՝ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի «Լե­րան Քա­րոզ»ին զու­գա­հեռ,  սքան­չե­լի եւ դի­պուկ բա­ռե­րով կ­­՚ընդգ­ծէ «ա­ռանց կեղ­ծի­քի սի­րոյն, չա­րը ա­տե­լու եւ բա­րիին յա­րե­լու ա­ռա­քի­նու­թեան եւ ի­րա­րու հան­դէպ գթա­սիրտ ըլ­լա­լու» կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ կը թե­լադ­րէ «հո­գիով ե­ռալ, Տի­րոջ ծա­ռա­յել, յոյ­սով ու­րա­խա­նալ, նե­ղու­թեան համ­բե­րել, ստէպ ա­ղօ­թել, հա­ղոր­դա­կից ըլ­լալ սուր­բե­րու կա­րիք­նե­րուն, հե­տա­մուտ ըլ­լալ հիւ­րա­սի­րու­թեան»։ Ա­պա կը շա­րու­նա­կէ շեշ­տե­լով «օրհ­նել՝ նոյ­նիսկ հա­լա­ծող­նե­րը, օրհ­նել եւ չա­նի­ծել։ Ու­րա­խա­ցող­նե­րուն հետ ու­րա­խա­նալ, լա­ցող­նե­րուն հետ լալ։ … Հնա­րա­ւոր ե­ղած չա­փով խա­ղա­ղու­թիւն պա­հել բո­լոր մար­դոց հետ։ … Չա­րէն չյաղ­թուիլ այլ բա­րիով յաղ­թել չա­րին» (Հռով­մա­յե­ցիս, 12.9-21)։ Որ­պէս Քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ա­ղօ­թենք, որ «խա­ղա­ղու­թեան Աս­տուա­ծը սրբաց­նէ մեզ կա­տա­րե­լա­պէս, եւ ա­նա­րատ պա­հէ մեր ամ­բողջ հո­գին, շունչն ու մար­մի­նը մին­չեւ մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի գա­լուս­տը» (Ա. Թե­սա­ղո­նի­կե­ցիս, 5.23)։ Դար­ձեալ ա­ղօ­թենք, որ Քրիս­տո­սի շնորհ­քը մե­զի հետ ըլ­լայ եւ մեր վստա­հու­թիւ­նը դնենք Աս­տու­ծոյ վրայ, որ «պի­տի խոր­տա­կէ Սա­տա­նան մեր ոտ­քե­րուն տակ» (Հռով­մա­յե­ցիս, 16.20)։ Վեր­ջա­պէս ա­ղօ­թենք, որ «խա­ղա­ղու­թեան Աս­տուա­ծը, հաս­տատ պա­հէ բո­լորս բա­րի գոր­ծե­րու մէջ, որ­պէս­զի կա­տա­րենք իր կամ­քը։ Եւ մեր մէջ կա­տա­րէ ի­րեն հա­ճե­լի ե­ղող բա­նե­րը Յի­սուս Քրիս­տո­սի մի­ջո­ցով, ո­րուն փառք յա­ւի­տեանս։ Ա­մէն» (Եբ­րա­յե­ցիս, 13.20)։ Աս­տու­ծոյ կամքն է, որ մեր մշա­կած ա­ռօ­րեայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­ջան­կա­բեր ըլ­լան բո­լո­րիս հա­մար։

Ա­մա­նո­րի առ­թած ու­րա­խու­թեամբ, առ Աս­տուած ա­ռա­քած մեր ա­ղօթք­նե­րով կը յի­շենք  մեր Հո­գե­ւոր Պե­տը՝ Ն. Ա. Տ. Մես­րոպ Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը։ Մեր հա­նա­պա­զօ­րեայ ա­ղօթք­նե­րէն բա­ժին կը հա­նենք նաեւ մեր երկ­րի անխ­տիր բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, մա­նա­ւանդ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն։ Աս­տուած բո­լո­րիս պար­գե­ւէ քա­ջա­ռողջ եւ բա­րօր կեանք, հե­ռու ա­մէն տե­սա­կի չար պա­տա­հար­նե­րէ։

Քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն է մտա­բե­րել նաեւ հա­րե­ւան՝ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մե­րազն եղ­բայր­ներն ու քոյ­րե­րը եւ ա­մե­նա­կալ Աս­տուծ­մէ հայ­ցել, որ բո­լո­րին պար­գե­ւէ համ­բե­րու­թիւն, հա­ւատ­քի տո­կու­նու­թիւն, որ­պէս­զի մեղ­մա­նան ի­րենց ցա­ւերն ու տա­ռա­պանք­նե­րը, մխի­թա­րուին բո­լոր սգա­ւոր­նե­րը  ու դադ­րին ի­րենց լա­ցը։ Կ­­՚ա­ղօ­թենք նաեւ նոյն եր­կիր­նե­րու բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար, ա­ռանց ցե­ղի, կրօն­քի եւ դա­ւա­նան­քի խտրու­թեան։ Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը թող տա­րա­ծուի անխ­տիր բո­լո­րին վրայ։ Մեր յոյսն է, որ մար­դիկ երբ կը կա­մե­նան խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեամբ ապ­րիլ, ա­մէն տե­սա­կի ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կրնան չքա­նալ եւ կա­րե­լի կ­­՚ըլ­լայ հաս­տա­տել սի­րոյ, եղ­բայ­րու­թեան, խա­ղա­ղու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան մի­ջա­վայր մը։

Ա­մա­նո­րի առ­թիւ հայ­րա­կան սի­րով կ­­՚ող­ջու­նենք մեր հա­մայն­քի հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան բո­լոր ան­դամ­նե­րը անխ­տիր, բո­լո­րին մաղ­թե­լով քա­ջա­ռողջ կեանք, լի՝ Աս­տուա­ծա­յին շնորհ­նե­րով։

Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը, սէ­րը եւ Աս­տուա­ծա­յին սրբա­րար զօ­րու­թիւ­նը բո­լո­րիս հետ ըլ­լայ. Ա­մէն։

 

 

 

 

 

Ա­րամ Ար­քեպս. Ա­թէ­շեան

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ

22 Դեկ­տեմ­բեր 2015)

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2015