ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԸ ԵՐԱԶԱՆՔՈՎ...
Նոր տարին շատերս պիտի դիմաւորենք մեր տուներուն մէջ, ընտանեկան յարկի տակ՝ համախմբուելով տօնական սեղաններու շուրջ, անցեալի ապրումները շալկած ու նոր ապրումներու ճամբայ բանալով։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ նոր սպասումներու, փափաքներու, մաղթանքներու, յոյսերու ցանկով 365 օրը կը սկսի։ Այս նոր տարին ալ ոմանց համար կը նշանակէ յուզում, իսկ ոմանց՝ ուրախութիւն. այսինքն՝ սպասում... Մարդս կ՚ապրի սպասումով, յոյսով, երազանքով։ Ինչպէս Վիքթոր Հիւկօ ըսած է. «Կեանքը երազանքներու մարմին առած ձեւն է»։
Կը ջանանք մեր փափաքածներուն հասնիլ, սակայն կարեւորն է՝ գիտնալ, թէ մենք իսկապէս ինչ կը փափաքինք։ Պէտք է նաեւ լաւ արտայայտուիլ անոնց մասին։
Այո՛, երազանքներուն ետեւէն երթալ, այդ ուժը գտնել, չյուսահատիլ եւ այս բոլորով Նոր տարին դիմաւորել... Հասուն մարդու դիրքով՝ ես ալ գիտեմ արժէքը այս բոլորին։ Որքան որ ալ մէջս պահեմ այդ մանկական խանդավառութիւնը՝ գիտեմ յարգը առողջութեան, խաղաղութեան, նաեւ միասնականութեան։ Մանուկ հասակիս սպասումները այսօր սիրուն կը թուին ինծի, բայց, տարիքի յառաջացումով մարդուս սպասումներու ձեւն ալ կը փոխուի։ Ուրեմն, ես հասկցած եմ, թէ այլեւս իմ սպասումներն ալ այդքան պարզ չեն. մանկական դիւրաւ հասանելի խաղալիք մը կամ առարկայ մը չէ։
Կը փափաքիմ, թէ համայն աշխարհ ապրի խաղաղ, երկիրը ըլլայ նման դրախտի մը։ Մարդիկ ապրին առանց մտահոգուելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապահովեն օրուան հացը սուրբ։ Յետոյ կը խնդրեմ, որ առողջ մնանք ու չենթարկուինք համաճարակներու՝ քանի ապրեցանք դժուարին օրեր, անցուցինք ամիսներ։ Ըլլանք յաջող ու առնենք մեր աշխատութեան ու ջանքերուն փոխարժէքը լի ու լի։ Ամէն մարդ ըլլայ հաւասար ու ջանքին արդիւնքը ըլլայ գոհացուցիչ իրեն համար եւ չպարտուինք չարամիտ մարդոց խաղերուն։ Գալով ուրախութեան՝ այս բոլորին տիրացողը արդէն կ՚ըլլայ ուրախ ու զուարթ։ Պահ մը մտածենք՝ որո՞նք էին այդ մանկական սպասումները...
Երանելի այդ օրերը յիշելով՝ այսօր ապագային նայինք յոյսով եւ մեր սպասումները մնան թարմ, ըլլան դիւրամատչելի։
Նոր տարուան սեմին բոլորուելով տօնածառին շուրջ՝ կերտենք այն ծառը սուրբ, համայն մարդկութեան մաղթենք բոլոր բարի իղձերու իրականացում։
Ուրեմն բոլորին շնորհաւոր Նոր տարի՝ անսահման երազանքներով։
ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ