ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանի ընտանիքը բարձր տրամադրութիւնով դիմաւորեց Ամանորը։ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

Հանդէսի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Անիլտա Մենեքշէ, որ բարձր գնահատեց փոքրիկ էսաեանցիներու աշխատասիրութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց դպրոցի սաներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր պաշտօնէութեան՝ միասնաբար ծաւալուած բծախնդիր աշխատանքին համար։ Տնօրէնուհին Ամանորի սեմին յաջողութիւններ, առողջութիւն եւ արդիւնաբեր աշխատանք մաղթեց Էսաեանի բոլոր սաներուն։

Յայտագրի տեւողութեան տղաքը հանդէս եկան երգերով, պարերով, արտասանութիւններով եւ այլ ելոյթներով, որոնք արժանացան ծափողջոյններու։ Յայտագրի գործադրութեան ժամանակ մասնաւորապէս ուշադրութիւն գրաւեց գծագրութեան ուսուցչուհիին կողմէ կատարուած բեմայարդարումը, որ կը ցոլացնէր տօնական շրջանի խորհուրդը։

Հանդէսի աւարտին սրահ ժամանեց Կաղանդ պապուկը, որ նուէրներ բաժնեց Էսաեանի փոքրիկ սաներուն եւ այդ փուլին, անշուշտ, խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022