ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին յայտագիրը, որ ունէր նաեւ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին վերաբերեալ երեսակներ։ Անոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու՝ մինչ Ամանորի բնորոշ երգերու կատարումներով տօնական տրամադրութիւնը գագաթնակէտին հասցուցին դպրոցէն ներս։ Հուսկ, բոլորը զիրար շնորհաւորեցին եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023