ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԸ
Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբեր ամսուան տեւողութեան արդէն տղաքը փուլ առ փուլ պատրաստուած էին Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին եւ կազմակերպուած բոլոր հանդէսներն ալ մէկ կողմէ ստեղծեցին ոգեւորութիւն, իսկ միւս կողմէ առիթ դարձան, որպէսզի տղաքը այդ խորհուրդներուն հաղորդ դառնան։ Այս շրջանակին մաս կազմեց վարժարանի համալիրէն ներս Անարատ Յղութիւն մատուռը տրուած այցելութիւնը։ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրերէն Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան տղաքը լուսաբանեց Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին ու տօնի նշանակութեան շուրջ։ Բաց աստի, դպրոցին մէջ ալ զանազան հանդէսներ տեղի ունեցան, որոնց ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Հուսկ, եզրափակիչ փուլին, կազմակերպուած հանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաղանդ պապուկը, ինչ որ մխիթարեանցիներու խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին։ Ամանորի շրջանին Մխիթարեանի ընտանիքի բոլոր անդամները փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ եւ զիրար ողջունեցին՝ բարի տարի մը դիմաւորելու ակնկալութեամբ։