ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Տակաւ կ՚արձագանգէ հրեշտակներու օրհներգը Բեթղեհէմի քարքարուտ հովիտներուն մէջ, բայց այս անգամ՝ երգակցութեամբը մանկանց Եկեղեցւոյ՝ սփռուած ողջ աշխարհի մէն մի անկիւն։
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»
Հովիւներու չափ խոր սքանչացումով տպաւորուած են մեր յուզումնալից երեսները՝ պահի երկիւղով հիասքանչ եւ ուրախ.
«Փրկիչը Ծնաւ»։
Յիսուսի ծնունդը Աստուածայայտնութիւն մըն է, որ Աստուծոյ ինքնութեան մասին շատ էական խորհուրդներ կը մատնանշէ մեզի։ Տէր Յիսուսի ծնունդէն ճառագայթող խորիմաստ յայտնութիւնները մեծապէս կրնան օգնել մեզի, ճանչնալու Աստուծոյ նկարագիրը, որպէսզի վերաճշդենք, թէ որո՞ւն նմանելու ենք եւ ինչպէ՞ս։ Հետեւաբար Աստուծոյ պատկերը, որ ի յայտ եկած է Քրիստոսով, մշտապէս ունենալու ենք մեր առջեւը որպէս ուղեցոյց։
Իր աշակերտը Փիլիպպոս օր մը ուզեց Տէր Յիսուսէն, որ Հայրը ցոյց տայ իրենց: Յիսուսի պատասխանը Աստուածայայտնութեան տօնի ամբողջ տրամաբանութիւնը բացատրելիք իմաստ մը կը պարունակէ.
«Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր Փիլիպպոս: Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր: Չես հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է: Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը: Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է»: (Յովհաննէս,14.8-12)
Յաւիտենական Աստուած երբ իր արարածներով կը զբաղի՝ ժամանակին մէջ կը մտնէ: Աստուած կ՚աշխատի եւ կը գործէ նախատեսուած ժամանակները նկատի ունենալով. ո՛չ կ՚աճապարէ, ո՛չ ալ կ՚ուշանայ. Ան իր իւրայատուկ ծրագիրներն ունի մեր մտքէն գեր ի վեր ու գերազանցող. «Երբ որ ժամանակը լրացաւ Աստուած ուղղարկեց իր որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ» (Գաղատացիս, 4.4)։
Յաճախ կը լսենք այն գանգատներն ու մտահոգութիւնները, թէ այս աշխարհը կատարեալ չէ։ Պատերազմներ, անմեղներու տառապանքն ու վիշտը, արդարութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններ, արիւն եւ արցունք ամէնուրեք։
Աստուածաշունչի պատասխանը ա՛յն է, որ ժամանակը չէ հասած կատարեալ աշխարհի մը վերածելու այս մոլորակը: Քրիստոսի երկրորդ գալստեան արդիւնքը պիտի ըլլայ մարդկութեան ոսկեդարը: Դժուար է, ի հարկէ, կարճատեւ կեանք ունեցող մարդորդիներէն սպասել, որ ունենան Աստուծոյ համբերութիւնը, որ իր ծրագիրները կը հիւսէ միլիառաւոր տարիներու տարածութեամբ: Ահա՜, հրեաները մարգարէական խոստումներուն իրականացումը հարիւրաւոր տարիներ սպասելու պարտաւորուեցան, որպէսզի Մեսիան աշխարհ գայ եւ մեր փրկագործութիւնը ի գլուխ ածէ:
Շատերը նաեւ կը դժուարանան այս աշխարի մէջ պատահած ողբերգութիւնները հաշտեցնելու այն Աստուծոյ հետ, որ սէր է եւ ամենակարող Տէրը տիեզերքին: Իսկ ոմանք աշխարհի չարիքներէն եւ ցաւերէն կ՚եզրակացնեն, թէ Աստուած չկայ եւ կամ եթէ նոյնիսկ կայ, մեր աշխարհի խնդիրներով շատ չի զբաղիր եւ մարդը առանձինն թողած է իր խնդիրներու ճահիճին մէջ մոլորած։
Սակայն Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներէն մէկը այն է, որ Աստուած ժամանակին եւ աշխահին մէջն է, ինչպէս նաեւ՝ դուրսը։ Տէր Յիսուսի Մարդեղութեան Խորհուրդով կը փաստէ մեզի, թէ ցաւակից է մեր վիշտերուն եւ փրկութիւն պիտի շնորհէ մեր դարաւոր վէրքերուն եւ անլուծելի խնդիրներուն իր յարմարագոյն ժամանակին եւ Իր նախատեսած միջոցներով։ Մարդկային ցեղի փրկութիւնը պիտի կատարուի ո՛չ թէ մարդկային հնարամտութեամբ, այլ Աստուածայայտնութեամբ՝ թէ՛ աշխարհի պատմութեան մէջ Որդի Աստուծոյ մարմնացումով եւ թէ մեր անհատական կեանքերուն մէջ հանապազօրեայ ծննուդովը երկնաւոր «Բան»ին։
Քրիստոսի ծնունդը հոյակապ պատմութիւնն է այն սիրոյ Աստուծոյ, որ բնակելով հանդերձ աստղերէն գերիվեր՝ կը խոնարհի իր անհուն սէրէն մղուած, Բեթղեհէմի մսուրին մէջ մարմնանալու չափ անճար մանկան մը տիպարովը:
Եկէ՜ք սիրելիներ, ուղղենք մեր նկարագիրը եւ նմանինք Աստուծոյ՝ մեր երկնաւոր Հօր, ներշնչուելով մարմնացեալ Աստուածորդւոյն խոնարհ պատկերէն Բեթղեհէմի մսուրին մէջ խաղաղ քնացող։ Ի՜նչ հրաշաւոր տեսարան։
Թէեւ Յիսուս պատմութեան մեծագոյն անձնաւորութինն է եւ Աստուծոյ մարմնացումը՝ ծնաւ եւ ապրեցաւ շատ համեստ պայմաններու ներքեւ։ Այն Աստուածը, որ կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսի մէջ, մեզի լաւագոյն օրինակը կու տայ խոնարհութեան եւ կը փաստէ, որ ճշմարիտ մեծութիւնը կախեալ չէ, թէ անձը որքան ունեւոր է, այլ որքան կարող է նա հրաժարելու իր ունեցուածքէն ի փրկութիւն ուրիշներուն։
Այսպէս միշտ հեզ ու խոնարհ՝ Բեթղեհէմի համեստ մանուկը երեսուն տարի յետոյ յայտնուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, մկրտուելով Յովհաննէս Մկրտիչէն կարծես «մեղաւոր» մարդ մը, նոյնիսկ զարմանքի մատնելով Մեծն Յովհաննէսը։
Թերեւս այսպիսի խոնարհութենէն յետոյ մենք ալ կը լսենք երկնաւոր Հօր քաջալերական ձայնը մեր խիղճերուն մէջ արձագանգաբար. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ» (Մարկոս,1.11)։ Մարդկային սիրտը կը յագենայ միայն Աստուածային այսպիսի գնահատանքով եւ կը հրաժարի այլեւս ուրիշ ծափահարանքներ որոնելէ։
Դիմաւորենք յայտնեալ Փրկիչը Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին աղօթքովը եւ ըսենք. «Որդի՛ Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցար, եւ մեր փրկութեան համար մարմին առիր Սուրբ Կոյս Մարիամէն։ Խաչուեցար, թաղուեցար եւ յարութիւն առիր մեռելներէն, եւ փառքով բարձրացար Հայր Աստուծոյ մօտ. երկնքին ու քու առջեւդ մեղք գործեցի. յիշէ նաեւ զիս որպէս աւազակը` երբ գաս քու արքայութեամբդ. եւ ողորմէ քու արարածներուդ եւ ինծի` բազմամեղիս». ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
*
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօնին առիթով կ՚ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք նաեւ մեր հոգեւորական դասու անդամները, սրբազան եպիսկոպոսներն ու միաբան հայրերը, քահանայից, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, Գալֆայեան Ուխտի քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական խորհուրդի, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, բժշկապետութիւնը, բժշկաց դասն ու բոյժքոյրերը, համայնքային հաստատութեանց խնամակալութիւնները, թաղային խորհուրդները, տիկնանց յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները, հոգաբարձութիւնները, ուսուցչաց դասը, աղքատախնամ մարմինները, սանուց միութիւնները, մարմնամարզական եւ հայրենակցական միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, հայ մամլոյ խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք գաւառի հայոց տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի հայ համայնքի անդամները։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան վարժարաններու սանուց միութեանց վարչութիւններուն, պոլսահայ միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն՝ գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ