ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Էսաեան վարժարանին մէջ խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ 8-րդ դասարանի աշակերտները հանդէսի ժամանակ ներկայացուցին մեծ բանաստեղծ Զահրատի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։ Աւելի վերջ տղաքը աշխատանոցներու ձեւաչափի մէջ զանազան նախագիծեր կեանքի կոչեցին։ Դասարանի եւ հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած յայտագրի աւարտին տղաքը ներկայացուցին պարեր ու երգեցին «Ով մեծասքանչ»ը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2017