ՍԻՐՏԷՆ, ԱՐՄԱՏԷՆ ԲԽԱԾ

Անուշ Թրուանց եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան մեզի կը տեղեկացնեն Երեւանէն.-

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը վերջին օրերուն ուղեւորութիւն մը իրականացուց դէպի Հայաստան։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առաջնորդութեամբ, ֆէրիգիւղցիները շուրջ վաթսուն հոգիէ բաղկացեալ խումբով մը մեկնեցան Երեւան։ Սա եղաւ իսկապէս անմոռանալի այցելութիւն մը, որու ծրագիրը պսակուեցաւ գերազանց յաջողութեամբ։ Այսպէս, Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ համերգով մը, նաեւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութիւն կատարեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։ Մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ այս երկու առիթներով Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը եկաւ ապացուցանել իր անկրկնելի որակը եւ տարիներու ընթացքին հասած մակարդակը։

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Իսթանպուլի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ» ծրագրի 2017 թուականի փուլը նշանաւորուեցաւ Վարդանանց երգչախումբի գերազանց համերգով։ Այս համերգը ձօնուած էր Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեայ յոբելեանին։ Շատ յատկանշական էր, որ հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան եւս իր ներկայութիւնը բերաւ այս ձեռնարկին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը անցեալ գարնան Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած համերգով մը մեծարած էր Յովհաննէս Չեքիճեանը։ Իսկ վերջին օրերուն, ահա քանի մը ամիս վերջ, այս անգամ ֆէրիգիւղցիները մեկնեցան Երեւան, ուր դարձեալ ի պատիւ Յովհաննէս Չեքիճեանին տեղի ունեցաւ մեծ համերգ մը, որուն արձագանգները երկար պիտի շարունակուին անտարակոյս։

Վարդանանց երգչախումբի դէպի Հայաստան այցելութեան միացան նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն շարք մը պատասխանատուներ։ Այսպէս, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն այլ բազմաթիւ դէմքեր միացած էին երգչախումբի այս ուղեւորութեան առթիւ կազմուած ուխտաւորներու խումբին։ Միեւնոյն ժամանակ, դէպի Երեւան այս ուղեւորութիւնը զուգադիպեցաւ Վարդանանց երգչախումբի կազմութեան 85-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի վաթսուն հոգինոց խումբը, 31 Օգոստոս 2017, Հինգշաբթի լուսաբացին ժամանեց Երեւան։ Նոյն երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն խումբ մը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։ Այսպէս, նախարարին ներկայացան՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան, Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհան, Ատրուշան Սարկաւագ Հալաճեան, Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Նուպար Կիւզելտեւլեթեան, Թաղային խորհուրդէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Նախարարը բարի գալուստ մաղթելէ ետք, դրուատեց Վարդանանց երգչախումբի գործունէութիւնը, գնահատեց սոյն ծրագրի իրագործումը։ Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ պոլսահայութեան մասին եւ հետաքրքրուեցաւ համայնքային կեանքի ներկայ վիճակով։

ՀԱՄԵՐԳ

1 Սեպտեմբեր 2017, Ուրբաթ երեկոյեան, ժամը 19.00-ին տեղի ունեցաւ համերգը՝ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս, «Արամ Խաչատուրեան» մեծ համերգասրահի երդիքին տակ։ Ներկայ էին Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան, մեծարեալ Յովհաննէս Չեքիճեան, մեծանուն երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան, յայտնի հրապարակագիր Յակոբ Պալեան, Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, վերջին օրերու արձակուրդին առթիւ Հայաստան այցելած իսթանպուլահայեր եւ տեղացի երաժշտասէր ժողովուրդը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Գարէն Քէօսէօղլու-Թէրզեան, որ Յովհաննէս Չեքիճեանի մասին դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ, նաեւ անդրադարձաւ երգչախումբին ու անոր գործունէութեան։ Ան ըսաւ. «Այսօր պատմական, նաեւ՝ անմոռանալի օր մըն է մեզի համար: Եկած ենք ահա մեր հայրենիքը, այս սուրբ եւ հարազատ հողերը: Եկած ենք Պոլիսէն, հայկական Պոլիսէն, հայաշունչ Պոլսիէն, Դուրեաններու, Մեծարենցներու, Վարուժաններու, Զօհրապներու, Սիամանթոներու, Չուխաճեաններու եւ դեռ բազմահարիւր հանճարներու Պոլիսէն, գրական արեւմտահայերէնի օրրան, արեւմտահայ մշակութային կեանքի երբեմնի մայրաքաղաք, հոգեւոր կեանքի կարեւորագոյն կեդրոն Պոլիսէն, բերելով մեր հայրենակիցներուն կարօտալի եւ սիրակէզ ողջոյնները Ձեր բոլորին»:

Հանդիսավարը խօսեցաւ համերգի առիթին մասին, որ Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեակն էր: Ան յանուն պոլսահայութեան ողջոյններ ու սէր փոխանցեց դահլիճի մէջ ներկայ մաէսթրօ Չեքիճեանին: Այնուհետեւ ան պատմեց մեր եկեղեցիներու երգչախումբերու եւ դպրաց դասերու աւանդոյթին մասին։ Իր խօսքերով՝ անոնք եկեղեցիներու հիմնասիւները եղած են, դարեր շարունակ հայ եկեղեցական կեանքին մէջ ստանձնած են շատ կարեւոր պարտականութիւններ՝ պանծացնելով մեր եկեղեցիները իրենց հոգեպարար երգեցողութեամբ: Հանդիսատեսը տեղեկացաւ Վարդանանց երգչախումբի պատմութեան մասին՝ մանաւանդ, աւելի քան մէկ դարէ ի վէր կը ջանայ բծախնդրութեամբ եւ կարգապահութեամբ կա տարել այդ նուիրական պարտականութիւնը: Այնուհետեւ հանդիսավարը երգչախումբի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան անձնակազմին՝ համերգի առիթը ստեղծելու եւ հայրենիքի մէջ անմոռանալի ելոյթ մը կազմակերպած ըլլալու բերումով:

Ապա խօսք առաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի պատգամն ալ ընթերցուեցաւ՝ դպրապետ Սեդրակ Սարկաւագ Տավութհանի կողմէ։ Ուղերձներէն ետք ցուցադրուեցաւ յատկապէս պատրաս-տըւած տեսաերիզ մը, որ կը ցոլացնէր Յովհաննէս Չեքիճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։

Վերջապէս բեմը յանձնուեցաւ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին, որ սարքեց անմոռանալի համերգ մը, խմբավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ նուագակցութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Յայտագիրը կը բաղկանար հայ եւ օտար յօրինողներու տասնեւհինգ ստեղծագործութիւններէն։ Մեներգեցին Յովսէփ Գույումճեան, Լիւսի Գահվէճիօղլու, Գրիգոր Թէրզեան, Ալիս Շահինօղլու, Անէթ Մէհթէրեան։ Երեկոյթի տեւողութեան Վարդանանց երգչախումբը երգեց Կոմիտասի, Կանաչեանի, Էտկար Յովհաննէսեանի եւ այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները, ներկայացուց դասական օփերային արուեստի փայլուն նմոյշներ՝ արժանանալով հանդիսականի մեծագոյն գնահատանքին: Համերգը աւարտին հասաւ «Երեւան-Էրեբունի»ով։ Ունկնդիրները, որոնք լեցուցած էին սրահը, երկար ատեն յոտնկայս ծափահարեցին երգչախումբի փայլուն յաջողութիւնը։

Յայտագրի աւարտին արտայայտուեցաւ Սերժ Սրապիոնեան, որ փոխանցեց Հրանոյշ Յակոբեանի պատգամը եւ յանուն նախարարին կատարեց պարգեւատրումներ։ Այսպէս, Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին շնորհուեցաւ երախտագիտութեան պատուոյ մետայլ։ Բազմամեայ երգեհոնահարուհի Լիւսի Գահվէճիօղլու ստացաւ «Կոմիտաս» շքանշան։ Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանին համար պատրաստուած էր գնահատագիր մը։ Մենակատարներէն Անեթ Մէհթէրեան, Ալիս Շահինօղլու, Յովսէփ Գույումճեան եւ Գրիգոր Թէրզեան պարգեւատրուեցան նախարարութեան պատուոյ գիրերով։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Հայաստան այցելութեան առիթը Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին տեսակէտէ հնարաւորութիւն ընձեռեց նաեւ հերթական անգամ ուխտի այցելութեան փութալու համայն հայութեան սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 3 Սեպտեմբերին, Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի մականին ներքեւ Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, ուր Ս. Պատարագ մատոյց իր նախագահը՝ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ միաբան հայրեր, ինչպէս նաեւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Ս. Սեղանի սպասաւորներու շարքին էր Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Արարողութեան ընթացքին պատարագիչ հայր սուրբը նախ յայտնեց իր եւ երգչախումբի անդամներուն ուրախութիւնը՝ այս ուխտի Ս. Պատարագին եւ իրենց կողմէ անոր բերուած մասնակցութեան առթիւ։ Հայր սուրբը միեւնոյն ժամանակ որդիական ակնածանքով խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ցուցաբերուած հոգածութեան համար։ Աւելի վերջ ան տուաւ օրուան քարոզը, որու բնաբանն էր՝ «Դուք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մարկոս Զ. 37)։ Հայր սուրբը քարոզին մէջ շեշտեց Քրիստոսի խօսքը լսելու, այդ խօսքին սպասաւորը ըլլալու եւ Քրիստոսին հետեւելու կարեւորութիւնը։

Ան շեշտեց անմնացորդ տալու եւ ոչինչ սպասելու, չքաւորին եւ մերձաւորին օգնելու, սիրելու աստուածաշնչեան խորհուրդները։ Այդ բոլորը այսօր, այս դժուարին կեանքի մէջ փնտռուած եւ խիստ անհրաժեշտ են: Ան հրաշքի նմանցուց այն արդիւնքը, զոր հաւատացեալ մը կը ստանայ իր անմնացորդ նուիրումի եւ անշահախնդիր բաժնելու փոխարէն: Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Ս. Գրային մէջբերումներով համեմելով իր խօսքը՝ ներկայ հաւատացեալներուն անգամ մը եւս յիշեցուց Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ ուսմունքները եւ խօսեցաւ հայ քրիստոնեայի ներկայ դերին ու այդ մէկը արժանապատուօրէն կրելու մասին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, երգչախումբի անդամները եւ հիւրեր պատուասիրուեցան մայրավանքի սեղանատան մէջ սիրոյ սեղանով մը։

Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներ երէկուան լուսաբացին վերադարձան քաղաքս։ Այսպէսով վերջաւորութեան հասաւ երգչախումբի դէպի Հայաստան կատարած կարճ, սակայն տպաւորիչ ճամբորդութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017